
Home - Armenian Relief Society
42219512
1939
Watertown, MA 02472 USA
ars1910.org
ars1910
ars1910
More from Watertown
Medford Teacher Equity Scholarship Fund |
|
Coalition for Better Care Inc |
|
Campaign for Peace Disarmament and Common Security |
|
Outbio |
|
Watertown Convention & Visitors Bureau Inc |
Similar social media (12498)
ACAM EDUCATIONAL FOUNDATION12509 |
|
Trocaire College12509 |
|
Window & Door Manufacturers Association12508 |
|
Jesuit Volunteer Corps East12502 |
|
Natural High12506 |
News

The ARS International Cruise is officially sold out. (fb)

ՀՕՄ-ը ՄԱԿի 69-րդ Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ նախաձեռնութիւններու, որոնք տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ ՄԱԿի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին / Պէյճինկ 30+, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, (Մարտ 10-21, 2025): ՀՕՄի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 69րդ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: ՀՕՄը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: Իսկ 1998-էն ի վեր, կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC): Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 69րդ նիստերու մասնակից ՀՕՄի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթըն Տի.Սի-էն եւ Գանատայէն ներկայ գտնուեցան Թաունհոլի տարեկան հանդիպման՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն եւ իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող հարցպատասխանի քննարկումներուն: Մարտ 12, 2025ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցաբար Հայկական Իրաւական Կեդրոնին, կազմակերպեց նիստ մը՝ ՄԱԿի Կիներու Կարգավիճակի Յանձնաժողովին/ Պէյճինկ 30+ գումարման օրերուն, «Տոկունութիւն եւ Ապաքինում. Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան մէջ» խորագրով՝ ՄԱԿի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, որ Նիւ Եորք կը գտնուի։ ՀՕՄի նիստին բացման խօսքը ներկայացուց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան։ Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու Գօտիներու մէջ Կիներու Դերակատարութեան մասին» խորագրով զեկոյց մը, որուն յաջորդեց դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի զեկոյցը։ Ան անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան։ Ապա դոկտ. Լորգի Լիպարիտեան առցանց միացաւ Հայաստանէն եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին։ Վերջապէս դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ ՀՕՄի նախաձեռնութիւնները։ Ան նաեւ կատարեց նիստի համակարգողի պարտականութիւնը։ ՀՕՄի եւ Հայկական Իրաւական Կեդրոնին նախաձեռնած նիստին աւարտին կատարուեցաւ հարց ու պատասխանի բաւական աշխոյժ բաժինը, որուն մասնակցեցան անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, ՄԱԿի գործակալութիւններու, ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄի անդամներ։ Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ ՀՕՄի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել ՀՕՄի Դիմատետրի եւ Ինստակրամեան էջերու վրայ: Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու ուժ եւ թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը՝ տարբեր յայտագիրներու եւ ծրագրերու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը հպարտ մասնակից եւ անդամն է ՄԱԿի Կանանց յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը՝ հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ (fb)
Nearby
4
90
4.5
Watertown
About the organization
- Q330 -
HEARTHS OF HOPE Help a family from Artsakh WELCOME TO THE ARMENIAN RELIEF SOCIETY Founded in 1910 the Armenian Relief Society Inc. is an independent nonsectarian philanthropic society serving the humanitarian social and educational needs of Armenians and nonArmenians alike. Our Impact Learn the many ways you can help the Armenian Relief Society make a difference Call to Action LA Fires Call to Action LA Fires The devastating wildfires that have swept through California have caused widespread destruction demanding our collective efforts to address the immense damages. It is essential that we unite our efforts to provide support and resources to our fellow compatriots during these challenging times enabling them to recover and begin rebuilding.